2012-06-08 11:48:09

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Քարոզը` Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնին առթիւ։


Հինգշաբթի 7 յունիս, տօն Քրիստոսւի Մարմնոյ եւ Արեան, ըստ լատինաց։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 7-ին հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց ս. Յովհաննէս տաճարի հրապարակին վրայ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Յետ Սուրբ Զոհին Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց Ամնասուրբ հաղորդութեան թափօրը` ս. Յովհաննէսի հրապարակէն մինչեւ Տիրամօր աւագ տաճարի հրապարակը։

Ս. Գրային ընթերցումներէն ետք, Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան խորհուրդին նշանակութիւնը, բացայայտելով օրուան տօնին երկու երեւոյթները` Ամենասուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը ու անոր Նուիրականութիւնը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Ամենասուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով հաւատացեալը կը ճանչնայ Քրիստոսի ներկայութիւնը իսկ ս. Զոհի մատուցումով լիովին կը դրսեւորուի ս. Հաղորդութեան իմաստն ու արժէքը ։ Յիսուսի հետ հանդիպումը պատարագին ընթացքին ճշմարտապէս ու ամբողջովին կ'իրականանայ երբ քրիստոնեայ հասարակութիւնը ի վիճակի կը դառնայ Հացի բեկանումով ճանչնալ որ Ան` ս. հաղորդութեան խորհուրդին մէջ է, կը բնակի իր տան մէջ` որ է եկեղեցին, մեզի կը սպասէ, ու իր սեղանին կը հրաւիրէ, եւ երբ հասարակութիւնը եկեղեցիէն կը մեկնի, Յիսուս կը մնայ մեր հետ ս. մասունքի մէջ ու կը շարունակէ բարեխօսել մեզի համար, ընդունելով մեր պաղատանքները, մեր հոգեւոր զոհողութիւնները ընծայելու համար Հօր Աստուծոյ ։
Ամենասուրբ հաղորդութեան երկրպագութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, նախապատրաստութիւն մըն է ս. պատարագի մատուցումին, այդ ներգործութեամբ մեր սիրտերը կը պատրաստենք հանդիպում ունենալու Տիրոջ հետ ս. Զոհին ընթացքին։ Հետեւաբար Ամենասուրբ հաղորդութեան երկիրպագութիւնը պատրաստութիւն մըն է ս. պատարագի մասնակցութեան։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդգծեց Ամենասուրբ Հաղորդութեան նուիրականութիւնը քանի հացի բեկանումով Յիսուս` մարդացեալ Աստուածային Սէրը, անձամբ ներկայ է։
Եբրայեցիներու ուղղուած թուղթին մէջ կը կարդանք որ ''Քրիստոս գերագոյն քահանան է ապագայի բարիքներու'', Քրիստոս ''նոր ուխտի միջնորդն է'' հաստատուած իր արիւնով, որ կը բիւրեղացնէ մեր խիղճը անմաքուր գործերէն։ Յիսուս չի ջնջեց նուիրականը այլ զայն կատարումին հասցուց, նոր պաշտամունք մը հաստատելով, որ լիովին հոգեւոր է, սակայն, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, որքան մենք ժամանակին մէջ կ'ընթանանք կարիքը ունինք նշաններու ու ծէսի, թէեւ անոնք կը դադրին երկնային Երուսաղէմի մէջ, ուր պիտի չըլլայ տաճար քանի ''Ամենակալ Տէր Աստուած ինքն է Տաճարը''։ Քրիստոսի շնորհիւ մեր պաշտամունքը ճշմարիտ է ու սերտ։ Այլեւս բաւարար չէ ծիսակատարութիւնը այլ հարկաւոր է սիրտի մաքրութիւնը ու հաւատքի ապրումը։
Այս հաւատքով տոքորուած սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, մենք կը տօնախմբենք Ամենասուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը ու անոր կ'երկիրպագանենք որպէս կեդրոնը մեր կեանքին ու սիրտը աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.